Communiqués

Ապրիլ 24-ը պայքարող հայ ժողովուրդին կը պատկանի եւ պիտի պատկանի։

1915 թուականի ապրիլի 24-ին, Կոստանդնուպոլիս, շարք մը մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ ձերբակալուեցան եւ տարագրուեցան, որովհետեւ հայ էին։ Եթէ բնաջնջման ծրագիրը սկիզբէն գոյութիւն ունէր, ապա այս օրը պատմութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան սկիզբը հանդիսացաւ, որուն հետեւանքով 1,5 միլիոն զոհ եղաւ։

Այս տարի, առաջին անգամ տասնամեակներէ իվեր, ամբողջ աշխարհի հայերը իրենց արդարութեան պահանջը եւ ցեղասպասնութեան հատուցումը հրապարակաւ պիտի չարտայայտեն ։

Մեզի՝ աքսորուածներու, ապաստանեալներու, տարագրուածներու եւ զոհերու զաւակներու համար, այս օրը սուքի օր է։ Ապրիլի 24-ը, ժամանակ մը, ամէն հայու կրած հոգեխոցներու եւ անպատում ցաւի ապաւէնը եղած է։ Նաեւ եւ մանաւանդ, պահանջի օր է ժողովուրդի մը համար որ ամենէն սարսափելիէն կրցած է վերականգնիլ եւ որուն դիմադրութիւնը միշտ մղած է պայքարելու։

Այսպէս, 1965 թուականի 24 ապրիլին, ցեղասպանութենէն 50 տարի ետք, ժողովուրդը փողոց իջաւ մեղադրելով թուրք պետութիւնը պատասխանատուութիւն ստանձնելու կատարած յանցանքին համար եւ պահանջելով իբրեւ հատուցում կողոպտած հողերու ետդարձը։ Այդ օրուընէ իվեր, աշխահրի չորս ծագէն, 24 ապրիլին հայերը փողոց կ՚իչնեն եւ արդարութեան համար ցոյց կ՚ընեն։

Այս նոր տասնամեակը համաշխարհային առողջապահական ճգնաժամի պատճառաւ առանց ցոյցի պիտի նշուի. առիթն է անցած տասնամեակի եզրակացութիւններու յանգիլ։ Եթէ որոշ մարդիկ կ՚ուզեն վերախորհիլ 24 ապրիլը եւ միայն յիշողութեան պարունակութիւն տալ, կը կանչենք 24 ապրիլի ոգին արծածելու եւ մեր արդարութեան պահաջումները վերակենդանացնելու։ Երկար ատեն մեր պայքարը քաղաքական եւ կողմնակից շահերու խորանին վրայ զոհաբերուեցան. 2020-ին, ժամանակն է զանոնց ազատելու։

Քանի տարիէ իվեր, 24 ապրիլի շքերթի պաշտօնական պատգամի մեղմացումը կ՚ողփանք։ Ֆրանսիա, քաղաքական դէմքերու թափօրը բեմին վրայ եւ իրենց միշտ վշտակից, երբեմն ալ կեղծ խօսքերը արդարութեան պահանջները քողարկած են։

Քանի՞ հոգի անոցմէ եւ երբեմն մեր շարքերէն ներս ալ, ամէն մէկ ընտրութեան նախօրեակին կը ցուցադրէին օրէնք մը, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը կը դիտարկէ որպէս յանցագործութիւն։ Սակայն քանի՞ հոգի գիտէր որ այսպիսի օրէնք մը երբեք Սահմանադրական խորհուրդի եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի սահմանադրական եւ պայմանադրական ստուգումները պիտի չանցնէր։

Ամբողջ աշխարհի մէջ, հայերու ջանքերը որպէսզի Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգային ուժերուն կողմէ ճանչցուի, աշխարհաքաղաքական ծաղրելի շահարկումներու յանգեցան։ Անհրաժեշտ է ամէն վայրկեան զգաստ ըլլալ եւ մեր պատմութիւնն ու պայքարը վերակերտել։

24 ապրիլին ի՞նչ իմաստ կ՚ուզենք տալ։ Յաւերժ ճանաչում մուրալ երբ Հայոց ցեղասպանութիւնը, տարբեր պետութիւններու եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն միջեւ ռազմավարական գործիք դարձած է, կամ թէ մեր ուժերը եւ յոյսերը, արդարութեան պայքարի եւ մեր ժողովոուրդի արժանապատուութեան վերականքնմանը նուիրել։

Քանի որ հայերու պահանջները ճնշող եւ ազգայնապաշտ պետութեան վճրական քաղաքականութեան կապուած են, չեն կրնար լսուիլ բացի եթէ համընդհանուր շրջանակի մէջ
արձանագրուին։ Ցեղասպանութեան հատուցման հարցը Թուրքիոյ բոլոր ժողովուրդներու արդարութեան ձգտումներէն չի կրնար զատուիլ։ Ընդհանրապէս, բոլոր ճնշուած ազգերու պայքարներէն չի կրնար բաժնուիլ։

Փողոցներէն բացակայ ըլլալը, մեր պահանջներու արտայայտութիւնը պէտք չէ արգիլէ։ Առիթն է նաեւ իւրաքանչիւր հայու համար, խորհիլ թէ 24 ապրիլը, ապագային ի՞նչ իմաստ պէտք է կրէ՝ քաղաքական հաշիւներու եւ քանի մը փոխզիչումներու ծառայող օր մը կամ թէ հասարակաց, անկախ եւ միահամուռ պայքարի օր։

Հայեր, մեր մէջ ունինք այս ազատագրական ոգին։ Յաջորդ տասնամեակը մեր պայքարներուն վերածնունդը կրնայ նշանակել, եթէ ճիշդ պայմանները ստեղծենք։ Երեւանէն Ստամբուլ, Բ ո ւ ե ն ո ս Ա յ ր ե ս է ն Բոստոն, Փարիզէն Բեյրութ, հայ ժողովուրդի պայքարները արթնցնելու նպատակով նախաձեռնութիւնները կը բազմանան։

Անոնց, որոնք կը փափաքին յառաջիկայ 24 ապրիլները իմաստազրկել կը պատասխանենք որ մեր պայքարները պէտք է վերականգնենք։ Լռութեան հրահանգները ժողովուրդին միայն լքումի դառն համը ձգած են։

Փողոցը խմբային արտայայտութեան եւ ազատագրման վայր է, որմէ բռնաւորները կը դողան եւ որ պատմութեան ընթացքը կը փոխէ։ Այս վայրը հակառակ դժուարութիւններուն եւ արգելքներուն մեզ միշտ ոտքի տեսած է։ Չմոռնաք այս, յաջորդ տարիները երբ ցոյցի վերադառնանք, որովհետեւ այո, յաջորդ տարի, ցոյցի ճամբան ետ պիտի առնենք։

Գարունը նորէն պիտի ծաղկի եւ միշտ ներկայ պիտի ըլլանք մեր պահանջները հպարտօրէն կրերու եւ արդարութեան համար պայքարելու։

Ապրիլ 24-ը պայքարող հայ ժողովուրդին կը պատկանի եւ պիտի պատկանի։

Շարժում